2013-11-26 13:28:46

''Աւետարանի Ուրախութիւնը''` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական առաջին յորդորագիրը, Հաւատքի Տարուան փակման առթիւ։


Երեքշաբթի, 26 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. անուան սրահին մէջ տեպի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, վերաւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, Գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսէրի` Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը եւ գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի` ընկերային հաղորդամիջոցներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, ներկայացուցին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրատարակած ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' խորագրով առաքելական առաջին յորդորագիրը։

Կիրակի 24 նոյեմբերին, Հաւատոյ Տարուայ եզրափակիչ արարողութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կղերին ու Աստուծոյ ժողովուրդի բոլոր դասակարգերու ներկայացուցիչներուն` յանձնեց վերոյիշեալ առաքելական յորդորագիրէն օրինակներ։

Յորդորագիրը կը սկսի հետեւեալ բառերով. ''Աւետարանի ուրախութիւնը կը լիացնէ սիրտն ու կեանքը բոլոր անոնց որոնք հանդիպում կ'ունենան Յիսուսին հետ''։

Սոյն յորդորագիրը ներշնչուած է, 7 -28 հոկտեմբեր 2012-ին գումարուած` վերաւետարանութեան նիւթին մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսէն։

Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական յորդորագիրին մէջ, կը հրաւիրէ քրիստոնեայ բոլոր հաւատացեալները ''տոգորուիլ Քրիստոսի լոյսով ու հաւատքով'' որպէսզի կարողանան իրենց կարգին հաւատքի ջահը հաղորդել բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց։ Քրիստոսի լոյսը հեռու կը պահէ մարդը անհատապաշտութեան տխրութենէն։

Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ բոլոր կնքուածները վերագտնելու Յիսուսի առաջին աշակերտներու խանդաղատանքը, որոնելով հաւատքի ապրումի նոր եղանակներ առանց Քրիստոսը սահմանափակելու տաղտկալի աւանդապաշտական ու ձեւակերպական դրութիւններու մէջ։ Ամէնքս - կը գրէ Քահանայապետը - կանչուած ենք հովուական ու միսիոնարական դարձի մը` բարեփոխելու համար եկեղեցական կառոյցները։ Վախնալու չենք վերատեսելու եկեղեցւոյ կարգ մը աւանդութիւնները, մասնաւորապէս այն աւանդութիւնները որոնք անմիջականօրէն կապ չունին Աւետարանին հետ։

Աստուծոյ կոչին` հիւրընկալութեան մասին վկայութիւն տալու ենք, բաց պահելով մեր եկեղեցիներու դռները։ Նոյնպէս բաց պահելու ենք սուրբ խորհուրդներու դռները։ Ս. հաղորդութիւնը վերապհուած չէ լոկ կատարեալներուն, Անիկա բարեբեր դեղ մըն է, ու առատաձեռն սնունդ` տկարին։Մեր առաջին ու գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ մեր եղբայրները հաստատել Քրիստոսի բարեկամութեան մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ մեզ ըլլալու առաքեալները յոյսի եւ ոչ թէ յոռետեսութեան, նախանձախնդիր` Աւետարանը ապրելու եւ ոչ հետամուտ ըլլալու աւնադութիւններու ու բարքերու պահպանումին։

Խօսելով Աւետարանի պատշաճացումին զանազան մշակոյթներու մասին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հաստատէ որ քրիստոնէութիւնը մշակոյթի մէկ նմոյշ մը չունի եւ թէ Եկեղեցւոյ դիմագիծը բազմաձեւ է։ ''Կարելի չէ պահանջել որ աշխարհի չորս ծագերու բոլոր ժողովուրդները հետեւին, ընդօրինակեն եւ իւրացնեն Եւրոպայի ժողովուրդներու հաւատքի արտայայտութիւնը''։

Խօսքը ուղղելով աստուածաբաններուն զանոնք կը հրաւիրէ սերտելու Եկեղեցւոյ աւետարանութեան կէտնպատակները ու չբաւարարուելու գրասենեակի աստուածաբաններ ըլլալով, այլ ''մօտէն հետեւիլ ու սրտել ժողովրդային բարեպաշտութեան աւետարանիչ զօրութիւնը''։

Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ ապա քահանաները խնամք տանելու իրենց քարոզներուն` կարճ խօսիլ, հաւատացեալին սրտին խօսիլ, եւ զգոյշ ըլլալ բարոյական դասեր ջամբելէ։ Քարոզը պէտք է ըլլայ դրական եւ յոյս ներշնչող։

Խօսելով ժամանակակից մարտահրաւէրներուն մասին, Նորին Սրբութիւնը կը դատապարտէ ներկայ տնտեսական դրութիւնը։ ''Անիկա էութեամբ անարդար է, քանի կը պաշտպանէ իրաւունքը զօրաւորին եւ կ'անտեսէ տկարը''։ Ֆրանչիսկոս Պապը կը դատապարտէ կրօնական ազատութեան դէմ գործուած հալածանքը մատնանաշելով քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած հալածանքներուն։ Կը խօսի ընտանիքի տագնապին մասին, անգամ մը եւս պաշտպանելով ընտանիքի հաստատութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը կը վերահաստատէ սերտ կապը աւետարանութեան ու մարդու իրաւունքներու յարգանքին միջեւ։ Եկեղեցւոյ համար, աղքատին նախասիրութիւնը, ընկերային հարց ըլլալէ առաջ, աստուածաբանական հարց մըն է, ահա թէ ինչու կը բաղձամ ''աղքատ եկեղեցի մը աղքատներուն համար'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը ու կ՛աւելցնէ ''Աղքատը շատ բան ունի մեզի սորվեցնելիք։ Որքան որ աղքատին հարցը արմատականօրէն չի լուծենք , աշխարհի հարցերը պիտի չլուծուին։
Յոյժ քննադատուած քաղաքականութիւնը`Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով անիկա եղբայրօգնութեան ամենէն արժէքաւոր ձեւերէն մէկն է։ ''Աղօթքս կը բարձրացնեմ Տիրոջ որպէսզի մեզի ուղարկէ աղքատը սիրող քաղաքագէտներ''։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կը խրախուսէ որ հոգ տարուի աղքատին, ինչազուրկին, անօճախին, թմրամոլին, հիւանդին, գաղթականին, փախստականին։

Խաղաղութեան հայող նիւթին մասին արտայայտուելով` Ան կը հաստատէ որ մարդկութիւնը կարիքը ունի ճշմարիտ խաղասէրներուն, որպէսզի ընկերութիւնը բարգաւաճի եւ ամէն տեղ հաստատուի արդարութիւնը ու եղբայրօգնութիւնը։

Աւետարանութիւնը կ' ենթադրէ երկխօսութեան ճանապարհ։ Եկեղեցին կանչուած է համագործակցելու քաղաքական, ընկերային, կըօնական ու մշակութային բոլոր իրականութիւններուն հետ։ Համամիութիւնը աւետարանութեան անխուսափելի մէկ ճանապարհ մըն է։ Մենք կանչուած ենք բոլորէն շատ բան սորվելու - կը գրէ Քահանայապետը։

Սրբազան Պապը` Առաքելական յորդորագիրին վերջին գլուխը կը յատկացնէ Սուրբ Հոգւոյն` ճշմարիտ Աւետարանիչ։ Մեր աղօթքը Անոր բարձրացնենք որպէսզի մեզի տայ իմաստութիւնը եւ արիութիւնը Աստուծոյ խօսքը տարածելու - հրաւէր կ՛ուղղէ Քահանայապետը եւ կը քաջալերէ հաւատացեալները չվհատելու ձախողութիւններու առջեւ այլ միշտ վստահելու Ս. Հոգւոյ զօրութեան եւ ապաւինիլու Ս. Կոյս Մարիամին ''Աւետարանութեան Մայր ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.